Թիթեռն էգավ ֆըռֆըռաց
Ձաղգին վըրըն ինչավ ցաձ,
Նըստավ ձաղգին թեռթիգին,
Նըգադիլ չէյդ թիթեռին։
Մեղուն էգավ ընթիյըն,
Մեղրը ժողվողեր ձաղգըն,
Թիթեռին ըն դեսաձ չէր,
Գոմմոր վըրըն նըստողեր։
Մեղուն թոմնաձ չէր պեռը,
Դեսավոր հոդա" թիթեռը,
Գըդեց մեղվի իննադը,
Ուզեց մըդնուշ թևին դագը։
Թիթեռը շադ ջըղանցավ
Մեղվին թարաֆը տառցավ,
_Կընա ուրիշ դեղ կըդի,
Ինձի թուն մի խանքարի։
Աշա"ինչքան բուբուշիմ,
Ալայ ինձի հազ գընին,
Համան ալայ ժողվըվին
Քա"սուգ թեվերուս գաշին։
Հոդտեխ մեղուն գադղեցավ,
Թիթեռին լավմը նեղեցավ.
_Չոյս հինգ օրա" աբռաձըդ,
Կըլխա"դ վիրա" մա"թվաձըդ,
Ի՞նչ ֆայդա թուն դըվաձիս,
Վու՞մ լավութին ըղաձիս,
Գերաձ խըմաձ մոն էգաձ,
Սողնա"լ ջիջումը տառցաձ։
Թուն էգաձիս էրեվնուշ,
Ես էգաձիմ հոզ պոնուշ,
Չոյս հինգ դարի պոնիմգու,
Խաս խաս օռթնենք լըսիմգու։
Թիթեռնա"լ սուս չըգեցավ,
Քիչմը ա"լի մա"թվեցավ,
Աստավ. _Ես շադ ճահելիմ,
Թոխ ես գյանքը վայելիմ։
Ալայ աշխար էգողնին,
Ուրինց ջագդին կիյն ունին,
Մեգը պոնիգույոր աբռի,
Միգա"լը չըպոնելու գաբռի։
Հեղ. Անգին Քեսյան
Присоединяйтесь к ОК, чтобы посмотреть больше фото, видео и найти новых друзей.
Нет комментариев